▲ Դեպի վեր

lang.iso lang.iso lang.iso

Երանի մեր ուրախությունը հոգևոր տարածքի մեջ կարողանանք փնտրել

ՍԻՐԵԼԻ, ՇԱՏ ՍԻՐԵԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ, սիրտս այնքա՛ն լեցուն է ջե՛րմ մաղթանքներով, բարի զգացումներով, որ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ բոլորիդ համար ալ ըլլայ պայծառ, երջանկաբեր, խաղաղաբեր տարի, լի՛ բերք ու բարիքով, համերաշխութեամբ, օրհնութեամբ օծուն: Երանի՛ սէրն ու բարութիւնը տիրեն մեր բոլորին սրտէն ներս: Երանի՛ կարենանք մեր ուրախութիւնը փնտռել հոգեւոր տարածքին մէջ, զիրար ուրախացնելու, իրարու ժպիտ պարգեւելուն մէջ: Դառնա՛նք ճշմարտօրէն ՄԷԿ ԱԶԳ, իրարու ցաւը կիսող, իրարու խռովքները բաժնող, նոյն երազներով թեւաւորուող, նոյն արժէքները եւ ազգային գաղափարը դաւանող: ՄԷԿ ԱԶԳ, ՄԷԿ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՅԺ դառնալով, մենք կրնանք յաղթահարել ամէն փորձանք ու փորձութիւն, զօրանալ ու ամրապնդուիլ եւ քայլ առ քայլ հասնիլ մեր ՄԵԾ ԵՐԱԶԻՆ...

Երան Կոյումջյան

The thoughts and views expressed on the website may not coincide with the views of the Asekose.am editorial team.
Հասարակություն more